2017-09-06 08:22:00

Միանմարի վրայ միջազգային ճնշում` ''Ռոհինկա'' իսլամներու դէմ հալածանքի դադրեցման համար


Միանմարի ղեկավար Անկ Սան Սու Չին իսլամական պետութիւններու, ներառեալ` Պանկլատեշի, Ինտոնեզիոյ եւ Փաքիստանի կողմէ ճնշումի ենթարկուեցաւ` դադրեցնելու համար ռուհինկա իսլամներուն դէմ բռնարարքները:

Ինտոնեզիոյ արտաքին գործոց նախարար Ռիթնօ Մարսուտի Չի Միանմարի բանակի հրամանատար Մին Աունկ Հլայինկի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ապահովական մարմինները պէտք է անմիջապէս դադրեցնեն ամէն տեսակի բռնարարքները եւ մարդասիրական անմիջական ու երկարատեւ օժանդակութիւն տրամադրեն:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Խաուաժա Մոհամետ իր կարգին մեծ ցաւ յայտնեց ռուհինկա իսլամներուն դէմ շարունակուող բռնարարքներուն համար եւ Իսլամական երկիրներու համագործակցութեան կոչ ուղղեց` ռուհինկա իսլամներու իրաւունքներու բռնաբարման վերջ տալու համար անմիջական ու ազդու միջոցառումներ որդեգրելու:

Յայտնենք նաեւ թէ այս առընչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապը եւս կոչ ուղղած էր դադրեցնելու համար Ռոհինկա իսլամ ցեղախումբին դէմ գործադրուած հալածանքները։

Նշենք, որ 25 օգոստոսէն ի վեր Պանկլատեշ ապաստանած ռուհինկաներու թիւը հասած է 123.600-ի:








All the contents on this site are copyrighted ©.